Լրահոս

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կիրակի, Ապրիլ 6-ին, Սուրբ Գրիգորի մուտն ի վիրապ տօնին առիթով, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին յիշատակելի արարողութիւններով նշեց իր 98-րդ տարեդարձը: Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Պատարագ մատուցեց, քարոզեց ու դպիրներու, կիսասարկաւագներու եւ սարկաւագներու  ձեռնադրութիւնները կատարեց,  խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեանի:

Պատարագի սկիզբը, դպրաց ձեռնադրութեան աստիճանները ստացան 37 տղաք ու աղջիկներ, որ Սուրբ Խորանին վրայ ստացան դպրութեան չորս աստիճանները:

Դպրաց ձեռնադրութեան յաջորդեց հինգ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւնը: Ընծայեալները՝ Նուպար Երեմեան, Սարգիս Զէյպարի, Միքայէլ Զէյպարի, Ուիլիըմ Չափանեան եւ Լեւոն Չափանեան, ուրարներ ստանալով Քրիստոսի քաղցր լուծը կրելու եւ ժողովուրդին աղօթքները խունկի անուշահոտ բուրմունքին հետ Աստուծոյ առաքելու կարգին հրաւիրուեցան:

Ապա Պատարագի «Զի ողորմած» աղօթքի պահուն ծնրադիր խորան բարձրացան երեք կիսասարկաւագներ՝ Գէորգ Արթինեան, Նուպար Երեմեան եւ Կրէկըրի Ոսպիկեան, որոնք «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»-ի ոգեշունչ երգեցողութեան պահուն հրաժարեցան աշխարհէն, իրենց անձերը նուիրելով Աստուծոյ Սուրբ Խորանին ծառայութեան եւ սպասարկութեան:

Ձեռնադրութեան երկրորդ բաժնի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ շնորհաւորեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը 98-ամեակին առիթով, նաեւ շնորհաւորական խօսք փոխանցեց բոլոր ձեռնադրեալներուն եւ անոնց ծնողներուն եւ ընտանիքներուն՝ մաղթելով բարի ծառայութիւն:

Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին աւագութեան աստիճան շնորհեց եկեղեցւոյ 35 տարուան նուիրեալ՝ Բարշ. Վարդան Սրկ. Գարաքէլեանին, որուն նուիրումը վստահաբար օրինակելի պիտի դառնայ նոր սերունդի ծառայողներուն համար, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ:

Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ «Հիմնադիրներու սրահ»-էն ներս կատարեց մատաղօրհնէք: Եկեղեցւոյ տօնին առիթով պատրաստուած հերիսա-մատաղը նուիրուած էր տէր եւ տիկ. Միքայէլ եւ Մարի Տէկիրմէնճիի կողմէ։ Հայր Պօղոս՝ եկեղեցւոյ հովիւ, յայտարարեց, թէ այսուհետեւ մատաղօրհնէքը որպէս աւանդութիւն պիտի կատարուի ամէն տարի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:

Մատաղօրհնէքին յաջորդեց կարկանդակի հատումը, նշելու եկեղեցւոյ 98-ամեակն ու բոլոր ձեռնադրութիւնները:

Ճաշի եւ հիւրասիրութեան աւարտին, Հայր Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր մնայուն քաջալերանքին համար, ինչպէս եւ Տիկնանց Միութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն, որոնք հիւրասիրութեան վերաբերեալ բոլոր կարգադրութիւնները յանձն առած էին:

Ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրուեցաւ վկայագրերը բաշխելու ձեռնադրեալներուն, որմէ ետք հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Մայքլ Ինճէեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր ներկայութեան եւ արարողութիւններուն նախագահելուն համար, ինչպէս նաեւ Հայր Պօղոսին՝ մէկ տարուան ընթացքին գաղութին եւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ խանդ ու եռանդ բերելուն համար:

Առաջնորդ Սրբազանը, փակման իր խօսքով, գնահատեց Հայր Պօղոսի ջանքերը, դրուատելով անոր նուիրումն ու ծառայութիւնը Արեւելեան Թեմէն ներս եւ Ֆիլատելֆիոյ գաղութին մէջ յատկապէս: Ան շնորհաւորեց գաղութի 98-ամեայ ծառայութիւնը եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց 100-ամեակ նշելու:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button