ՕՐՈՒԱՆ ԿԱՐԳԱԽՕՍՔԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ՍՓԻՒՌՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՍՓԻՒՌՔԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 38 Second

Գրեց՝ Գ. ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ

Մայիս 2, 1964

Հայ մամուլի մէջ յաճախ արդարօրէն կը յուզուի այն ցաւալի իրականութիւնը, որ հայ ժողովուրդը անողոք ճակատագրին հարկադրանքով բաժնուած է երեք մասերու. Մայր Հայրենիքի մէջ՝ 1,700.000 Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ՝ 1,300.000 եւ բովանդակ Սփիւռքի մէջ՝ 1,200.000։

Ասոնք՝ անշուշտ ճշգրիտ կերպով կատարուած մարդահամարէ առնուած թիւեր չեն։ Եւ արդէն, տուեալ պայմաններու մէջ անկարելի է ճշգրիտ որեւէ մարդահամար կատարել։

Բայց, շատերու կողմէ ընդունուած է, որ՝ ներկայիս ապրող հայութեան թիւը աւելի քան չորս միլիոն է։

Ընդունելով հանդերձ, որ հայութեան այս ցրուածութիւնը ճակատագրական դժբախտութիւն է, եւ հիմնական պատճառներէն մէկը՝ բնաշխարհի մայր զանգուածի բնականոն աճեցման ու զօրացման, ժամանակն է, որ գիտակցօրէն ընդունինք նաեւ, թէ այդ անողոք իրականութիւնը կարճատեսօրէն մեկնաբանելով երեմիական ողբեր հիւսելը գործնական՝ եթէ կ’ուզէք ¥աւելի ճիշդ բառով¤ դրական՝ հայրենասիրութիւնը չէ։ Աւելին, վնասակար է, որովհետեւ բացայայտօրէն յուսահատութիւն եւ յուսալքութիւն կը ստեղծէ արտասահմանեան սպիտակ ջարդին ենթակայ եւ երկրէ¬երկիր տարտղնուած տարագիր զանգուածներուն մէջ։

Եթէ, իբրեւ հայ. գիտենք թէ ի՛նչ կ’ուզենք, ի՛նչ պահանջներ ունինք մեր բարեկամներէն ու թշնամիներէն, եւ եթէ չենք կորսնցուցած մեր յոյսն ու հաւատքը երեք հազարամեայ հայութեան լուսաշող ապագային համար, որ անխուսափելիօրէն պիտի գայ, այն ատեն վե՛րջ պիտի տանք երեմիական ողբասացութիւններուն, արիութեամբ պիտի դիմագրաւենք մեզի վիճակուած ճակատագիրը, եւ յաղթահարելով անողոք թշնամիին պարտադրած բազմաթիւ դժուարութիւնները, պիտի ջանանք ըստ կարելւոյն համադրել մեր ուժերը, տրուած պայմաններուն մէջ առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար։

Եթէ քննական աչքով դիտենք կացութիւնը, պիտի տեսնենք՝ որ բազմաթիւ ժողովուրդներ ենթարկուած են մեր ճակատագրին, անշուշտ պահելով բոլոր համեմատութիւնները։ Փոքրիկն Յունաստանը սակաւահողութեան պատճառով հարիւր հազարաւոր կամաւոր տարագիրներ տուած է եւրոպական երկիրներուն, մանաւանդ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Նոյն անողոք ճակատագիրը ունեցած են Պալքանեան եւ Պալթեան բոլոր ժողովուրդները։ Նոյնիսկ աւելի մեծերը – Իտալիան, Գերմանիան, Ֆրանսան, Անգլիան – միլիոնաւոր արտագաղթողներ ունեցած են դէպի Ամերիկա։

Բայց, այս բոլորին մէջ ամենէն աւելի դժբախտը եւ մեզի համար ամենէն աւելի օրինակելին՝ Հրեայ ժողովուրդը եղած է։

Ո՞վ չի գիտեր, թէ բովանդակ աշխարհի մէջ տարտղնուած այդ ժողովուրդը՝ հալածուած, կողոպտուած ու կոտորուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, եղած է ժամանակ մը, որ մայր հայրենիքին մէջ իր թիւը իջած է 50-75 հազարի։ Եւ սակայն, հակառակ իրեն վիճակուած ահաւոր ճակատագրին, այդ ժողովուրդը յուսահատած չէ, եւ մեր օրերուն կատարած է մեծագոյն հրաշքը, ստեղծելով Իսրայէլի անկախ պետութիւնը՝ աւելի քան երկու միլիոն բնակչութեամբ։

Մեզի համար ուսանելին՝ գեղեցկօրէն օրինակելին ա՛յն է, որ բովանդակ աշխարհի մէջ տարտղնուած տարագիր հրեաներն է, որ ստեղծեցին Իսրայէլի պետութիւնը, եւ անո՛նք են որ մինչեւ այսօր ալ հրաշալի նուիրումով մը կու տան իրենց նիւթական, բարոյական ու ընկերային ուժերու առաւելագոյնը, այդ պետութեան պահպանման ու զօրացման համար։

Հայ կեանքին մէջ ամէն բան սեւ ու մռայլ տեսնող, եւ իրենց շրջապատին մէջ յուսալքութիւն ստեղծող յոռետեսները, պէ՛տք է, պարտաւոր են գիտնալ՝ թէ հայ ժողովուրդին վիճակուած ճակատագիրն ալ բազմաթիւ նմանութիւններ ունի հրեայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ։

Այսպէս, դարերով մեր ժողովուրդը ենթարկուած է հալածանքի, չարչարանքի եւ կոտորածի։ Դարերո՜վ համատարած խաւարը իջած է մայր հայրենիքին վրայ, հայ ազգային զարթօնքի առաջին լոյսերը ծագած են արտասահմանեան գաղութներու կամ վայրերու մէջ։ Առաջին հայ պարբերաթերթերն ու մամուլը Հայաստանէն հեռու վայրերու մէջ լոյս տեսած են։ Վերջին ժամանակներու հայ մշակոյթը իր ծաղկեալ վիճակին հասած է Պոլսոյ, Իզմիրի, Թիֆլիսի, Վենետիկի, Վիեննայի, Պէյրութի, Փարիզի, Պոսթընի մէջ։ Հայկական Սփիւռքը եղած է գլխաւոր ներշնչողն ու նեցուկը՝ հայ ազատագրական սրբազան պայքարին։ Եւ, ի վերջոյ, տասնեակ հազարաւոր հայ կամաւորներ աշխարհի չորս կողմերէն գացած են կռուելու եւ նահատակուելու, յանուն մայր հայրենիքի ազատագրութեան։

Երբ ա՛յս է իրականութիւնը, ընդունելով մէկտեղ՝ որ հայութեան ցրուածութիւնը թշնամիներուն պարտադրած մեծագոյն չարիքն է, գործնական հայրենասիրութիւնը կը պահանջէ, որ դէպի երկիր, դէպի մայր հայրենիք կեդրոնացման ձգտելով մէկտեղ, ամէն գնով ջանանք մեզի պարտադրուած չարիքը բարիքի փոխել։

Այդ գեղեցիկ նպատակին կրնանք հասնիլ, եթէ հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, եկեղեցիներն ու եկեղեցականները, առանց յարանուանական խտրութեան, իրենց համար ըմտրեն «Հայաստան՝ Սփիւռքին համար, եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանին համար» նշանախօսքը. պահելով իրենց առանձինն գոյութիւնը, դաւանանքն ու սկզբունքը։

Ամբողջական հայ կեանքի դասաւորումը ցոյց կու տայ, որ Հայաստան իրեն պարտադրուած լուծը կրելու եւ տոկալու համար արտասահմանի հայութեան պէտք ունի, եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանի՛ն։

Ա՛յն ինչ որ Հայաստանը ունի, Սփիւռքը չունի. եւ ա՛յն ինչ որ Սփիւռքը ունի, Հայաստանը չունի։

Ահա, մէկին ունեցածը միւսին չունեցածին տալու այդ խորունկ գիտակցութեամբ է՝ որ կրնանք հայ ժողովուրդին պարտադրուած չարիքը բարիքի փոխել։

Ժամանակն է, որ ազգովին գիտակցինք՝ թէ կուսակցական եւ հատուածական նկատումներով, գրեթէ համաշխարհային չափանիշով ընդունուած ճշմարտութիւնները ուրանալ՝ որեւէ շահ չի բերեր։ Այդ միտքը աւելի յստակ դարձնելու համար՝ յիշենք միայն քանի մը օրինակներ։

Հայաստանը խորհրդային իշխանութեան պարտադրանքով չի կրնար Թրքահայաստանի հողերու կցման դատը հետապնդել, չի կրնար նոյնիսկ իրմէ խլուած ու դրացի հանրապետութիւններուն կցուած հողերուն հարցը արծարծել ազատօրէն։

Սփիւռքի հայութիւնը, յանուն ազգային գերագոյն շահերու, պարտաւոր է տեսնել այդ ցաւալի իրականութիւնը եւ ըստ այնմ գործել՝ լրացնելու համար այդ կենսական պակասը, ըստ կարելւոյն։

Հայաստանի հայութիւնը, խորհրդային իշխանութեան պարտադրանքով, չի կրնար իր ազգային թէ յարանուանական եկեղեցիները շէն ու պայծառ պահել, աստուածաբանական դպրոցներ հիմնել ու նոր եկեղեցականներ պատրաստել։

Սփիւռքի հայութիւնը ունի՛ այդ ազատութիւնը եւ հաւաքաբար կրնայ գործել, լրացնելու համար այդ պակասը։

Եւ վերջապէս, Հայաստանի հայութիւնը ենթակայ է խորհրդային իշխանութեան անուանապէս մէկ հօտ մէկ հովիւ՝ բայց գործնական արդիւնքին մէջ ռուսացման քաղաքականութեան, որուն հանդէպ հրաշալի ընդվզում ցոյց կու տայ Հայաստանի մտաւորականութեան ընտրանին։

Սփիւռքը ազատ է այդ ճնշումէն եւ կրնայ կարելի ամէն մէկ օգնութիւն տալ մայրենի ժողովուրդին։

Այս բացասական երեւոյթներու կողքին՝ Հայաստանի հայ ժողովուրդը ունի ամենէն կենսականը, – հայրենի հողը, որուն վրայ կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ հրաշալի կենսունակութեամբ եւ այդ անուրանալի իրողութեամբ՝ կրնայ անհուն օգտակարութիւններ ունենալ Սփիւռքին։

Դոյզն կասկածն անգամ չի կրնար ըլլալ այն մասին որ արտասահմանի հայութիւնը ենթակայ է սպիտակ ջարդի, բոլոր գաղութներու մէջ ալ, քիչ մը աւելի կամ պակաս չափով։

Մեր հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ՝ հայ ժողովուրդի գոյութեան սպառնացող ահաւոր վտանգները եթէ չենք կրնար ամբողջութեամբ խափանել, կրնանք սակայն նուազագոյնին իջեցնել, եթէ հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները, բոլոր եկեղեցիներն ու կրօնական իշխանութիւնները համազգային շահերով առաջնորդուելով «Հայաստանը՝ Սփիւռքին, եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանին համար» նշանախօսքով առաջնորդուին. եւ հաւաքաբար գործեն այնպէս՝ ինչպէս հրէական գաղութները գործեցին Իսրայէլի պետութեան ստեղծման համար։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles