Ի՞նչ Տեղի Կ՚ունենայ Վրաստանի Մէջ

3 1
Read Time:6 Minute, 16 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

12 Մայիս 2024   

Ե՞րբ մեր մատը այս վէրքին վրայ պիտի դնենք եւ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ» մը պիտի որդեգրենք Հայաստանի մէջ, որպէսզի ձերբազատինք ուղղակի օտարէն ամսական ու հրահանգ ստացող գործակալներու այս վարչախումբէն

 

Վերջերս, լուրերուն շարքին էր. «Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի աջակցութիւն յայտնած է Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցերուն … «Կան բաներ, որոնք դուք պէտք չէ ընէք, հանգիստ ձգեցէ՛ք խորհրդարանի դարպասները … Այդ օրէնքը այնտեղ արդէն երկրորդ ընթերցումով որդեգրուած է, եւ մեր պայքարը կ՛երթայ դէպի (նոր*) ընտրութիւններ, դէպի բոլոր այն օրէնքները, որոնք վերջերս որդեգրուած են այս իշխանութիւններուն կողմէ եւ մեզ կը հեռացնեն եւրոպական ուղիէն», ըսած է (ի՛նքն ալ դժգոհ*) Զուրապիշվիլի:

Թիֆլիսի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծ»-ին դէմ բողոքի ցոյցեր:
Հայաստանի Սորոսի հետեւորդներէն՝ այժմու իշխանութեան բարձրաստիճան դէմքերէն մէկ քանին: Ձախէն՝ Լեւոն Բարսեղեան, Արմէն Գրիգորեան՝ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Ճորճ Սորոս (կեդրոնը), Հերիքնազ Տիգրանեան, Արայիկ Յարութիւնեան, առջեւի շարք ձախին՝ Դանիէլ Իոաննիսեան եւ աջին՝ Լենա Նազարեան, Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ:

«Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցերուն պատճառ դարձած է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքին քննարկումը: Վրացական ընդդիմութիւնը նախագիծը կոչած է «օտարերկրեայ գործակալներու մասին ռուսական օրէնքին համարժէքը»: Խորհրդարանը 1 մայիսին 83 թեր եւ 23 դէմ քուէներով՝ երկրորդ ընթերցումով ընդունած էր օրինագիծը» (1):

Ի՞նչ է «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքը:

          «Օրէնքին նախագիծը պաշտօնապէս ուղղուած է դուրսէն դրամական հոսքերու բացայայտումին: Առաջարկուող օրէնսդրութիւնը կը նախատեսէ, որ կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են լրատուամիջոցները եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները՝ ՈԿԿ, NGO, պէտք է դասակարգուին իբրեւ «օտարերկրեայ գործակալներ», եթէ անոնց հասոյթին աւելի քան 20 տոկոսը արտերկրէն էՇատ տրամաբանական եւ ազգային շահերը եւ հաւատարմութիւնը պաշտպանող օրինագիծ է այս: Ուրեմն, այս բողոքը ինչո՞ւ է… Քանի որ ոմանց համար դրամական եկամուտը կը գերադասուի ազգային արժէքներէն ու արժանապատուութենէն, անոնք նախընտրութիւն կու տան օտարին ծառայելու վարքագիծը:

Նախագահ Շեւարնածէի օրերէն, 1991, Ճորճ Սորոսի հետեւորդ եւ այլ օտար ՈԿԿ-ներ ու աղանդներ մուտք գործած եւ հաստատուած են Վրաստանի մէջ. այդպիսիներուն գրանցուած թիւը, այժմ երկրի բնակչութեան համեմատած՝ կոտրած է մրցանիշ, ունի աշխարհի ամենաբարձր թիւը՝ 27157 ՈԿԿ-ներ, այսինքն` շուրջ 150 վրացիի համար մէկ ՈԿԿ… Ըստ օրինի՝ ՈԿԿ արձանագրելու պայմանն է նուազագոյնը երկու անձի դիմումը, ուրեմն, առ նուազն 54 հազար եւ, իրենց ընտանիքներն ալ հաշուելով՝ շուրջ քառորդ միլիոն վրացիներու եկամուտը ուղղակի օտարէն կախեալ է: (Բնակչութեան թիւը 3,7 միլիոն է): Ահաւասիկ Արեւմուտքին կողմէ երկրի մը մէջ թափանցումի յստակ մէկ նմուշ՝ Վրաստանը: Անոր համար ալ, այս օրերուս, արեւմտեան լրատուամիջոցները, օրէնքին դէմ բողոքող ցուցարարներուն նման, թերեւս ալ աւելի՛ ուժգին՝ յարձակում կը գործեն Վրաստանի մէջ «ազգայնականութիւն» վերականգնել փորձող այս կառավարութեան դէմ…

Երբ Շեւարնածէի (Վրաստանի առաջին նախագահը*) արդարադատութեան նախկին նախարար Միխայիլ Սաակաշվիլին զինք պաշտօնանկ ըրաւ «Վարդերու յեղափոխութիւն»ով, ՈԿԿ-ներու՝ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնագէտներն էին, որոնք արագօրէն լեցուցին պետական բոլոր բարձր պաշտօնները: Երկրի քաղաքականութեան բեմը լայնօրէն բաց էր որեւէ, եւ, բոլոր արտաքին օժանդակութեանց, աղանդներուն եւ «բարեփոխումներու» փորձերուն համար:

Յստակ է, որ Վրաստանի մէջ արեւմուտքին սարքած՝ 2003-ի «Վարդերու յեղափոխութիւն»-ը այս հազարաւոր՝ ընդհանրապէս միջին դասակարգի երիտասարդ եւ համալսարանական վրացիներուն կողմէ իրականացաւ: Ճիշդ նոյն միջոցներով է նաեւ, որ սարքուեցաւՀայաստանի կործանարար եւ սուտ խոստումներու այսպէս կոչուած՝ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը, եւ պետական բոլոր բարձր պաշտօնները լեցուեցան անփորձ ու ապազգային ենթահողով բայց օտարին մարզած ու ծառայող՝ անոնցմէ կախեալ ՈԿԿ-ներու անդամներով: Այս մասին անդրադարձ կատարած էի 2 Սեպտեմբեր 2022-ին մէկ սիւնակովս՝ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը ինչպէ՞ս կազմակերպուեցան, Դ. Ոչ Կառավարական կազմակերպութիւնները՝ NGO (2):

Թէ ինչո՞ւ այսքան բուռն է վրացիներուն բողոքը՝ ի յայտ կու գայ ՈԿԿ-ներու ստացած նիւթական վարձատրութեան գումարով: Որոշ գաղափար մը հաղորդելու համար, Salary Explorer (ամսավճարներու հետախուզում) կայքէջէն բաղդատական ցուցակ մը կազմեցի վրացական (3) եւ (4) հայկական ՈԿԿ-ներու դօշակներէն, կը ներկայացնեմ ստորեւ: Պէտք է աւելցնել, որ ուսման մակարդակի եւ տարիներու փորձառութեան համաձայն, այս վճարումները կ՚աւելնան: Յաւելեալ տեղեկութիւնները նշուած են կայքէջերուն մէջ, ուր վրացականը աւելի բարձր է եւ շատ աւելի մանրամասն, կը նշէ ՈԿԿ-ի 50 տեսակի պաշտօնեաներու վարձատրութիւնը:

Հետաքրքրական է, որ Հայաստանի մէջ «Կառուցողական երկխօսութեան յանձնառութիւն» ծրագիրը, ՈԿԿ մը, «Իրաւաբաններու հայկական միութիւն»-ը, որ կը տնտեսուի Եւրոպական միութեան կողմէ, կը դիւրացնեն Հայաստանի մէջ ՈԿԿ հիմնելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու միջոցները. «100 հարց ու պատասխան հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ», իր պատրաստած մանրամասն ուղեցոյցին միջոցով (5)

ՈԿԿ-ներու գործիչներուն ամսական եւ ժամական թոշակը
Վրաստան Հայաստան
 Գումար Վրց. Լար $ Ամ. Տոլար Հայ. Դրամ $ Ամ. Տոլար
Առաւելագոյն 11,000 $4,113.00 1,150.000 $2,980.00
Միջին 5,430 $2,030.00 571,000 $1,480.00
Նուազագոյն 2,250 $841.19 236,000 $611.31
Ժամական 31 $11.60 3,290 $8.52

 

Պէտք է նշել, որ կարգ մը բարեսիրական ՈԿԿ-ներու անդամներ, մի՛այն նիւթական շահու աղբիւր չեն նկատեր իրենց աշխատանքը, այլ մարդասիրական մղումով ալ տոգորուած են: Հայաստանի մէջ կան 5,700 գրանցուած ՈԿԿ-ներ, սակայն կը խօսուի աւելի քան 12,500 չգրանցուած ՈԿԿ-ներու գոյութեան մասին, ինչ որ շատ հաւանական է… Անհաւատալի թիւ մըն է արդէ՛ն պաշտօնական 5700-ը:

«Հայաստանը կլանելէն ետք՝ «Սորոսին շուքը պատրաստ է լափելու Լիբանանը»», 1 օգոստոս 2023-ի յօդուածիս մէջ (6) նշուած է. «Մինչ Հայ ազգին փորձանքը՝ Փաշինեանը վարչապետ դառնալէն ետք, անուղղակի ձեւերով կը հերքէ, որ իր խմբագրած թերթը, կամ՝ ինքը, Սորոսէն գումարներ ստացած են, ինչպէս կարգ մը լրատուամիջոցներ կը պնդեն, իր կառավարութեան անդամներէն շատեր, իր Քաղաքական պայմանագիր կուսակցութեան անդամներ սորոսական են: Տես՝ «Սորոսը Հայաստանի մէջ՝ թիւերով ու անուններով» 25 Փետրուար 2019-ի «Երեւանն այսօր»-ի բացայայտող յօդուածը, որ Սորոսէն կը մէջբերէ՝ «Երկրին ժողովրդավարական ներկային եւ ապագային համար Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ուժեղ աջակցութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է» (7): Տես նաեւ՝ «Եւրոպական Միութիւնը եւ Սորոսը. Ազգերն ու ժողովուրդները ապազգայնացնելու հիմնադրամ եւ ծրագիր» (8):

Վերոնշեալ բացայայտող յօդուածը, շուրջ 9 էջ, կը թուէ Հայաստանի մէջ Սորոսի հետեւորդ՝ ապազգայնացնող կազմակերպութիւնները, որոնց կարեւոր համեմատութիւնը իշխող կուսակցութեան անդամ են ու պատասխանատու պաշտօններ կը վարեն գանձելով մեծ  գումարներ: Պիտի թուեմ վերոնշեալ յօդուածին մէջ նշուած հարիւրաւոր անուններէն միայն երեքը.

1.Արմէն Գրիգորեանը, որ Քաղաքակցիական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է եւ 2018-էն ի վեր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն է:

  1. Լենա Նազարեանը, որ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, պատգամաւոր է եւ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահն է:
  2. Արայիկ Յարութիւնեանը, որ Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, Հայաստանի տխրահռչակ կրթութեան նախարարն էր, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքահաճոյ դարձուց, հայերէն ու հայկական պարտադիր նիւթերը վերցուց համալսարաններէն եւ Արեւմտահայաստանը փոխարինեց թրքահաճոյ Արեւելեան Անատուլու եզրով: Ան ժողովրդային եւ ուսանողներու բողոքները լկտիօրէն ծաղրեց հրապարակաւ: Այժմ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը եւ աշխատակազմի ղեկավարն է:

    1997-2021 Սորոսի յատկացումները Հայաստանի մէջ իր կազմակերպութիւններուն (բոլոր CIVIL բառը կրող, նաեւ այլ կազմակերպութիւններ) եւ պաշտօնեաներուն՝ 4 միլիոն եւ 400 հազար տոլար 2021-ին եւ 63 միլիոն տոլար 1997-էն 2021: Հեգնական է, որ այս իշխանութեան օրօք, մարդու իրաւունքներու ծանր խախտումներ տեղի կ՚ունենան, ցուցարարներ կը խոշտանգուին ու կը բանտարկուին, մինչ սորոսական մարդու իրաւունքներու պաշտպանները լուռ կը մնան…

«Այժմու հակահայ, ապազգային իշխանութեան բազմաթիւ բարձրագոյն պաշտօններ կրողներէն նմոյշ մը, որոնք օտարներուն օրակարգը կը գործադրեն: Յանցաւոր է Ճորճ Սորոսը, որ կը միջամտէ մեր երկրին բոլոր բնագաւառներու խնդիրներուն մէջ, աւելի յանցաւոր են անոր կամակատար հայերը, որոնք համոզումով եւ կամ, նաեւ՝ տոլարով կը վաճառեն մեր ազգային արժանապատուութիւնը, սեփական ընտանիքը, լեզուն, մշակոյթը եւ Արցախն ու Հայաստանը: Մինչ այդ, Սորոսին եւ միջազգային խաբեբայ՝ այսպէս կոչուած «Մարդկային իրաւունքներ» պաշտպանող կազմակերպութիւնները լուռ մնացին 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ լուռ մնացին Արցախի շրջափակումին, ապա ցեղասպանութեան…

Ահա, թէ՝ ինչո՛ւ է մեր համազգային համախմբումը Բագրատ Սրբազանին գլխաւորած բողոքի շարժումին շուրջ:

Առաջին՝ Հայուն արժանապատուութիւնը վերականգնելու եւ թշնամիին ու օտարին պարտադրած միակողմանի զիջումներուն դէմ ուղղուած է, կասեցնելու համար Հայաստանի պարտուողական այս գահավիժող ընթացքը:

Երկրորդ՝ թշնամիին հլու հնազանդ գործակատար, եւ Արցախէն ետք Հայաստանն ալ մաս առ մաս թշնամիին յանձնող այժմու դաւադիր վարչախումբին դէմ է ժողովրդային փրկարար այս շարժումը:

Երրորդ՝ զանոնք իշխանութենէն վտարելու եւ մի՛այն հայ ազգին ու հայրենիքին ծառայող հայ ժողովուրդին իղձերն ու ձգտումները իրականացնելու լծուած եւ մեր հզօր ու մարտունակ բանակը վերականգնող վարչախումբ մը հաստատելու համար:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
100 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles