ԵՐԵՒԱՆԻ ՍԵՆԵԱԿԻՍ ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԿԸ ՍԵՒԵՌԵՄ ՔԱՂԱՔԸ  ԵՒ ՓՌՈՒՈՂ  ՀՈՐԻԶՈՆԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 8 Second

 

 

Յ. Պալեան

                        Քանի մը ժամէն հայրենի տարածքներու կորստեան եւ լքման վարքագիծի դէմ բողոքողներ պիտի հասնին Հանրապետութեան Հրապարակ: Անոնք քալելով կու գան հեռուէն, կասեցնելու համար հայրենի տարածքներու զիջումն ու կորուստը:

            Յանձնուած  եմ խառնիխուռն զգացումներու եւ միտքերու: Ո՞ւր պիտի հասցնենք Ազգն ու Հայրենիքը, պառակտում եւ ապիկարւթիւն գումարելով, զուարճանալով «թագ ու սպայ»-ի խաղերով, կարծելով որ մոլորակին վրայ, արեւուն տակ, մենք ալ կանգ: 

            Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի նախագահները, ուրիշներ ալ, ինչպէս հիմա նաեւ հեռաւոր Չիլին, ճանչցած են Օսմանեան Կայսրութեան Հայերու ցեղասպանութիւնը, առանց ճապկումներու կը խօսին այդ մասին: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահը կ’անհանգստանայ: Ժամանակակից Թուրքիան Օսմանեան կայսրութիւն չէ: Ինչո՞ւ կը սրտդողի:

            Ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ եւ ո՞վ գործեց մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը, բայց թուրքը գիտէ:

            Ճանաչումները թաղման արարողութեան աւարտին ըսուած ցաւակցական խօսքեր են, որոնք ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ մօտէն կ’առնչուին իրաւունքի եւ արդարութեան:

            Ինչո՞ւ քաղաքական յաղթանակ կը համարենք ճանաչումները եւ երախտագիտական հանդէս կը կազմակերպենք, որուն ճիշդ անունը հոգեճաշ է, յիշողութեան տրուած տուրք:

            Ի հարկէ մեռեալները ետ պիտի չգան: Ճանաչումները եւ անոնց յաղթանակի աղմուկը քաղաքական իմաստ կ’ունենան, եթէ ըսուի, ըսեն, թէ ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ: Հարցում՝ որ երբ չի բարձրաձայնուիր, խօսքերը բաժակաճառային աղմուկէ անդին չեն երթար: Այս հարցումով կը դրուի պատասախանատուութեան եւ իրաւունքի խնդիր: Ներխուժած եւ հայու հայրենիքին տէր դարձած թուրքը իր բռնագրաւած  տարածքներու ինքզինք որպէս տէր հաստատելու համար, ԲՆԻԿ ՏԷՐը բնաջնջեց :

Կրկին պատմութեան աղէտէն փրկուած հողակտոր Հայաստան եկած եմ, հաւատարմութեան տուրք տալով:

            Յիշատակի եւ ինքնութեան հորիզոն հողակտոր:

            Պարտութիւն, սպառնալիքներ: Որպէս ազգ, պետութիւն եւ հայրենիք կայանալու անզօրութեան հանդիսատես եւ մեղսակից ենք, քանի որ լինելիութեան պայմաններու մասին գաղափար եւ իրա      ւ յանձնառութիւն չենք զարգացներ: Ջուր  ծեծելու պէս կը բազմապատկենք կարծիքներ: Որոշա՞ծ ենք ազգովին «հարա-քիրի» իրականացնել, ինչպէս այդ ըրած են  պարտուած ճափոնցի հերոսները: Հայ բանաստեղծը ըսած է, որ «ամէն մի հայ սպայ է» այսինքն չկան զինուորներ՝ որոնք ենթարկուին հրամանի եւ ազգ ու հայրենիք պաշտպանեն: Սպաներ կան, բայց լսող եւ հետեւող զինուորներ չկան:   «Օժտուած» ժողովուրդ ենք, բայց կը նմանինք անխելք կկուի, ձու ածած ենք եւ կ’ածենք ուրիշի ածուին մէջ եւ  ծափ կը սպասենք:

            Ճաշի սեղանի շուրջ, մեր միշտ բազմապատիկ ժողովներուն մէջ, մամուլով, հեռատեսիլէն, հիմա արդէն անդուռ եւ անպատուհան համացանցէն կը սփռենք այնքա՜ն կարծիքներ, որոնցմով կարելի կրնայ ըլլալ օր մը առաջնորդել տիեզերքի մէջ եղած եւ ծնելիք բոլոր ժողովուրդները, երկիրները եւ պետութիւնները:     Չեմ յիշեր թէ ժամանակին ո՞ւր կարդացած էի կամ լսած, որ մահամերձ նահապետի մը մահիճին շուրջ հաւաքուած զաւակներ, հարսներ, թոռ ու ծոռ անձկութեամբ կը հսկեն: Նահապետը կը շտկուի, կը նայի բոլորին, եւ ապա կ’ըսէ, որ եթէ բոլորդ հոս էք, ո՞վ կը պահէ ոչխարները, կովերը, եզները եւ միւս անասունները: Եթէ այսքան մեծ թիւով են առաջնորդները, իրենց բազմապատիկ կարծիքներըով, ժողովուրդը ի՞նչ կը լսէ եւ որո՞ւ պիտի հետեւի:

            Օդանաւի ղեկի ետին տեղ կա՞յ տասնեակներու, հարիւրաւորներու, այդ ղեկը կարելի է՞ յանձնել կառապանի, վարժապետի եւ այդպիսիներու: Այս հարցումը ո՞ւր եւ որո՞ւ ուղղել:

            Ֆրանսացի քաղաքական ղեկավար մը ուսանելի արտայատութիւն մը ունեցաւ: Ըսաւ, որ մէկ օրէն միւսը, յանկարծ կարելի չէ պատերազմի ղեկավար ըլլալ…ըլլալ chef de guerre: Տարբեր պայմաններու մէջ մենք բազմապատկած ենք նման կացութիւնները: Չենք զարմացած, չենք բողոքած, երբ դպրոցի տնօրէնի աթոռին յայտնուած է մի ոմն, որ նոյն դպրոցի վերի կարգերուն աշակերտ չէր կրնար ըլլալ, եւ իրատեսութեան պահու մը, հարց չենք տուած, թէ ինչո՞ւ կը ձախողինք: Հայ կեանքը յաջողութիւններու հանդէս չէ ,  քանի որ մեզի կը պակսի ճիշդ հարցումներ ուղղելու իրատեսական յանդգնութիւնը, որպէսզի ճամբայ հարթենք յաջողութեան:

            Ֆրանսական հեռատեսիլէն, ողջախոհ բանիմաց մը, վիճարկումի մը ընթացքին ըսած էր, որ «ընկերային ցանցերը», ջղագար (schisophren)  կը դարձնեն մարդկութիւնը: Ճիշդ է,  որ այդ ցանցերը դուռ, պատուհան չունին, ամէն բան կարելի է ըսել, եւ ըսուածի հակառակը ըսել, եսեր  ցուցադրելու բեմի վրայ տեղ գրաւելու համար: Ցուցամոլութիւնը, exhibitionnism-ը, համատարած հոգեբանական ախտ է: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն համացանցի վրայ տեղադրուած  ճաշարանի մը մէջ դէմ դիմաց նստած Լալայի եւ Լոլոյի նկարը, Սթելլայի նոր հագուստը, մի ոմն Քեվինի նոր ինքնաշարժը, Ամբակումի չորս տարեկան թոռան տարեդարձի հանդիսութեան մեծղի կարկանդակը: Ի՞նչ կ’ուզեն եւ կ’ուզենք փաստել բան չնշանակող այդ «ինծի նայեցէ՛ք»-ի դատարկութեան մէջ տեղ ունենալու թափահարումներով, սպասելով, Ճորճի եւ Ճենիի «լայք»-ը: Այսքանը դեռ անվնաս է, կարելի է ծիծաղիլ եւ անցնիլ:

            Ամենուրեք, նաեւ հայկական ընկերութեան մէջ, համացանցը, մեծերու եւ պզտիկներու «ազատ» խօսքի բեմ է, բայց ազատութիւնը յաճախ իր բարոյական իմաստը կը կորսնցնէ, կը դառնայ ես ուռեցնելու հանդէս, արեւին տակ տեղ մը գտնելու միտող աղմկալի-անաղմուկ շատախօսութիւն, որ կ’ուռճանայ այլասերած քննադատութիւններով, զորս բնական կեանքի մէջ կը կոչենք բամբասանք, որուն քիչ մը աւելի այլասերածն ալ զրպարտութիւնն է: Եթէ հնարաւոր ըլլար համացանցի վրայ տեղադրուող փոխադարձ մերժումներու եւ կիրքերու «հայկական»  տիղմը խմբել, Հայաստանի տարածքը կը ծածկուէր, թերեւս չբաւէր անգամ: Այս երեւութապէս անվնաս է, քանի որ զիրար չենք ջարդեր, բայց զիրար կը հեղինակազրկենք: Ապա, անդաստան ընելու պէս կը յայտարարենք, որ ղեկավար չունինք: Ինչպէ՞ս ղեկավար ունենալ երբ մեծ ու մանր արժէքները ցեխի տակ կը մնան, եսերու, բանգէտներու, չբաւաւարարուած ցանկութիւններու օր աւուր փոթորկող եւ վարարող ցունամիի պատճառով: «Սեւացրէք»-ի եւ խծբծանքի զուարճութեան հանդէսներ:

            Մեծ առաքինութիւն է «դուն իրաւունք ունիս» ըսել, ընդունիլ որ կրնանք սխալիլ, սխալական ենք: Ի վերջոյ, հիներու իմաստութեամբ ինչո՞ւ չենք մտածեր:  Անոնք ըսած են, erratum humanum est, սխալիլ մարդկային է…Երբ ամէն ոք կը յաւակնի որ ինք միայն իրաւացի է, միւսը սխալ, ընկերային կեանքը եւ ըմբռնումները կը դառնան խառնիճաղանճ եւ դատարկութեան մէջ հնչող դատարկ տակառի թմբկակահարում:

            Լաւ է օգտուիլ գիտութեան բարիքներէն, ինչպէս համակարգիչի եւ համացանցի:

            Երբեմն ալ  յիշել Լեզուի մասին Եզովբոսի առակը, որ լեզուն լաւ է եւ միաժամանակ վատ:

            Թերթերը եւ տարբեր լրատուամիմոցները խմբագիրներ ունին, որոնք կը հսկեն եւ կ’ընտրեն ըսուելիքը եւ չըսուելիքը: Համացանցի էջերուն վրայ կարելի է ամէն բան ըսել եւ գրել: «Ընկերային ցանցեր»-ը ինքնակոչիկ իմաստուններու եւ դատախազներու, Ազգի Մեծ ըլալու  ցանկութիւն ունեցող յուսախաբներու ինքնահատատման իմաստութիւն չպահանջող բեմահարթակներ են, ակադեմիաներ, դատարան, հաւտաքննական ատեան, որոնք ի վերջոյ կը յանգին ըլլալու դասական դարձած «սեւացրէքի» չարութեան հանդէսներ, զորս ոչ մէկ ձեւով դասական լուսաբանութեան եւ քննադատութեան հետ պէտք չէ շփոթել: Եւ ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք անհատական կեանքի դէմ լուտանքներու, անկարելի դարձնելով ճշմարտութեան յայտնաբերումը եւ իրաւունքի ճշդումը: Զազրախօսութեամբ շատեր կը ցանկան յաղթանակել: Յաղթանակ որո՞ւ դէմ եւ ի՞նչ ընելու:

            Բռնագրաւուած հայրենիք-Հայաստան ունինք, զոր կը դիտենք մատներու արանքէն, պատկեր եւ թեթեւսոլիկ զբօսաշրջիկի յուզումներով, որոնք կը փոխարինեն հայրենատէրի յանձնառութիւնը:

            Եթէ հայրենատիրական գիտակցութեամբ առաջնորդուինք, ՃԱՆԱՉՈՒՄներէն ետք հարց կու տանք՝ թէ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՔ Ի՞ՆՉ ԸՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ…

            Հարց կու տա՞նք, թէ ինչո՞ւ սիրաբանեցաք եւ կը սիրաբանիք ցեղասպանին հետ, եւ մեզի որպէս կրծօն կու տաք մխիթարական պարգեւ՝ ճանաչումը:

            Նոյն հունով, մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ինչպէ՞ս հայրենատէր կ’ըլլանք հայրենիք լքելով, հայրենիք դիտելով մոլորակի հեռուի եւ մօտի երջանկութեան հորիզոններէն, պառակտումներու դէզին վրայ նստած «կարծիքներ» բազմապատկելով, միաժամանակ  տուրք  տալով հայրենասիրական կեղծիքի, որու ճիշդ սահամանումը «լաւ ապրելու իրաւունք»ի եւ երեւելիութեան հետապնդում է: Ուսապարկ շալկած, բազմացած եւ բազմացող «անհայրենիքի կարգավիճակ»-ով ամբոխներ, որոնց հանդէսը կը խաղցուի Հայաստան եկող եւ անկէ մեկնող ինքնագոհ «տուրիստ»-ներով:

            Ո՞վ ի՞նչ կ’ընէ, որպէսզի հայը իր հայրենիքին մէջ «տուրիստ» չըլլայ, պետութիւն եւ սփիւռք կոչուած անորոշութեան միգամածին չըլլայ վերը նշուած «կկու»:

            Հայաստան եմ: Աշտարակ՝ որ դեռ կը շարունակէ Հայաստան մնալ, որ դեռ չի յաւակնիր Եւրոպա, Ամերիկա, Արժանթին, Ռուսիա, Նոր Զելանտա  ըլլալ… Հոս դեռ -«սուպերմարկետ»-ներ չկան: Եթէ չէք խլացած, կը լսէք բլրան վրայ, եկեղեցիի դիմաց յաւերժի յուշարար բանաստեղծ Էմինի այրող խօսքը, կը լսէք, որ «գահ ու թագ չենք ունեցել, բայց սպայ է ամէն մի հայ»… Չէ աւելցուցած… այդպէս չըլլայինք բարով: Հոս չեն խօսիր «ճանաչում»-ներու մասին, մտահոգութեամբ կը խօսին հող եւ տարածք չկորսնցնելու մասին, որոնք նախահայրերու կտակած Արարատին նայող հայրենիքն են…

            Դիմացս կը տարածուի Քաղաքը, տուներ, երդիքներ, ծոցուորող բլուրներ: Հեռուն՝ Արարատը: Կը դիտեմ հորիզոնը խափանող դէպի երկինք բարձրացող իրարու վրայ դիզուած տուփիկներով բարձրացող շէնքերը: Բռնագրաւող ներխուժած անյագուրդ թշանմի՞ին համար, որուն համար հողակտորը որ կայ, Հայաստան չէ, այլ՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան: Հասկնալ՝ չկա՛յ Հայաստան:

            Կա՞յ իրաւ ազատագրական ԿՌԻՒ:

            Երբ բացակայ ենք, հարերենատէր չենք, ինքնախաբէութեամբ եւ  անհայրենիքի հաճոյախօսութեամբ կը թափահարենք եւ գաղթականի թառէն կը կչկչանք՝ նոր հայրենիք, երկրորդ հայրենիք, ընելով այնպէս, որ կարծէք հայրենիքը տնանկի ձորձ է, զոր կարելի է փոխել, աղբաման նետել:

            Հայրենատիրութիւնը ո՛չ կարծիքներու հանում-գումարում է, ո՛չ տուրիստական յայտա          գիր: Ան կը հիմնուի          այն խոր իմաստութեան վրայ, զոր բանաձեւած է հայրենի մեծ գրող Վիգէն Խեչումեան, ըսելով՝ որ «ՕՏԱՐԻ ԴՐԱՆԸ ՔԵԶ ԿԸ ԿՈՉԵՆ ՀԻՒՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՉԱՍԵՆ ԾԱՌԱՅ: Եթէ ինքզինք բազմապատկող ՍՓԻՒՌՔԸ այս հասկնար, տարբեր կ’ըլլար ազգի եւ հայրենիքի ճակատագիրը, կը դադրէինք հայրենիքի մէջ հիւր ըլլալու եւ որպէս հիւր ընդունուելու հոգեկան հաշմանդամութեան քաշքշուքէ, որուն համար առաջին հերթին պատասխանատու ենք մենք, եթէ գիտնանք ազատիլ կեղծիքի արդարացման ճապկումներէ:

            Դիմացս տարածուող լեռները եւ դաշտերը Հայաստան ըլլալու համար հայրենատէր կ’ուզեն: Եթէ այս հասկցած ըլլայինք, այսօր չէինք աւաղեր ԱՐՑԱԽ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ…

            Հայրենի հող, տարածք, գիւղ ու շէն կորսնցնելու դէմ ընդվզողներու հարիւրհազարանոց թափօրը հասաւ Երեւան: Հոն մնաց: Այսօր ալ պիտի մնայ Հրապարակին վրայ, հայրենատէրի անսեթեւեթ կամքով: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի միացնէ ներսի եւ դուրսի միլիոնները, որպէսզի Հայրենիք պահենք եւ զայն չհամարենք «տուրիստ»ի յիշատակի ալպոմ, կամ… դատարկ եսերու սանդխամատ…

            Հայրենատիրական Յարատեւ Կռիւ ունինք: Սրբուելով մեր բազմաբնոյթ տկարութիւններէն, նախ մենք մեզի դէմ յաղաթանակ տանելու պարտք ունինք, որպէսզի պատմութեան բեմին վրայ մնալու իրաւունք ձեռք բերենք: Այդ է ազգային գոյատեւման եւ հայրենատիրական կռիւի ալֆան եւ օմեկան, որ այսօր կ’ընթանայ, ամենուրեք ուր հայեր կան:

            Յաղթանակը կը շահուի ճակատի մարտնչող իւրային զինուորով եւ թիկունքի իւրաքանչիւր հայու եսամերժ անվերապահ եւ անճապկում յանձնառու մասնակցութեամբ, որ ոչ տուրիզմ է ոչ ալ շատերու սիրած  թատրոնի խօսափողը: Յաղթանակները երկինքէն չեն գար, կը կառուցուին պատնէշի վրայ կանգնածներով եւ թիկունքով: 

            Սարդարապատի ճակատամարտը չէ աւարտած: Ինչպէ՞ս կ’աւարտի, ինչպէ՞ս կ’աւարտենք: Միթէ՞ ան այսօր տեղի կ’ունենայ նաեւ Հանրապետութեան քաղաքներուն, գիւղերուն մէջ, հրապարակներուն վրայ: Վաղը ոչ ոք ինքնարդարացման իրաւունք պիտի ունենայ, պարզ այն տրամանաութեամբ, որ Անդրանիկ Ծառուկեանի նշած թղթէ կապարճը այդքան է միայն: Ասկէ առաջ գրած եմ, որ Արարատի գագաթի վառած մոմի բոցով հեռուն, նստած կարելի չէ ջերմանալ:

            Քանի մը օրէն  Մայիսեան յաղթանակ պիտի տօնենք: Յետոյ ի՞նչ:

            Այսօր, առանց յիշատակով գինովնալու, առանց ընկճուելու, որպէս իրաւ հայրենատէր պատնէշի վրայ են Աշտարակի  շինարարը, լաւաշ թխող հայ կինը, Ապարանի անասնապահը…

            Ե՞րբ ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները,- միշտ յոգնակի եւ բազմաթիւ,-հայրենատիրութեան միս ու ոսկոր պիտի տան հայրենադարձութիւնը իրաւ քաղաքական օրակարգ դարձնելով, եւ անոր արդիւնքով կանգնին ազգին եւ պատմութեան առջեւ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles