ՆՇՄԱՐ.- ՆՈՅՆ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

1 0
Read Time:2 Minute, 56 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

4 Մայիս 2024

Քանի մը դրուագ՝ աշխարհի տարբեր շրջաններէն, որոնց տակ կ’երեւին նոյն ստորագրութիւնը, նոյն հրէշին ականջները:

Ա. Ամերիկեան համալսարաններու մէջ, իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ պաղեստինցիներու սպանդը, ցեղասպանութի՛ւնը դատապարտող, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ պահանջող ուսանողներ ոստիկանական բիրտ ուժի դիմաց տեղի տուին եւ դուրս քշուեցան ցոյցի վայրերէն, բայց չպարտուեցան: Ցոյցերը սկսած էին խաղաղ, շարունակուեցան խաղաղ, մինչեւ որ… հակացոյցի անուան տակ, իսրայէլեան դրօշակ պարզած խռովարարներ պատճառ դարձան բախումներու եւ վայրագութեանց: Ոստիկանները, կարգ-կանոն հաստատելու պատճառաբանութեամբ, գործի անցան արդարութիւն պահանջողներո՛ւն դէմ, որովհետեւ Սպիտակ տան պետն ալ (որուն մտային կարողութիւններուն նօսրացման մասին զրոյցները կը բազմանան) յայտարարեց, որ «հակասեմականութիւն ընդունելի չէ»: Արդեօք պաղեստինցիք կամ առհասարակ արաբները սեմական չե՞ն, դեղի՞ն կամ կարմի՞ր ցեղերու կը պատկանին…:

Բ. Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները անընդունելի կը գտնեն իրենց պապենական բնակավայրերը, դարաւոր հայրենիքէն նոր հատուածներ Ատրպէյճանին նուէր տալու Նիկոլ Փաշինեանի պատճառաբանութիւնները, բողոքի ելած են, որպէսզի ցոյց տան վարչապետ կոչեցեալին տեսութիւններուն սնանկութիւնը, անհիմն ըլլալը: Ոստիկանական ուժեր բիրտ ուժի կը դիմեն եւ կ’աշխատին պարտութեան մատնել պահանջատէր, իրաւատէր ժողովուրդը: Մարդիկ սկսած են կասկածիլ, թէ ոստիկանները հայախօս ազերիներ են, որոնք կը գործադրեն բացարձակապէս Ատրպէյճանի շահերուն ծառայող վարչախումբին հրամանները: Տաւուշցիք չեն պարտուած, վճռած են չպարտուիլ եւ ցոյց տալ, որ իրենց պահանջատիրութիւնը միայն իրենց շրջանով չէ սահմանափակուած, որովհետեւ Տաւուշը Հայաստանի մէկ մանրանկարն է, ինչպէս որ էր Արցախը՝ մինչեւ երէկ…

Գ. Վրաստանի խորհրդարանը որդեգրեց ըստ էութեան՝ օտարներուն ծառայութիւնը ընողները հակակշիռի տակ պահելու կոչուած ու կառավարութեան կողմէ մշակուած օրէնք մը, որ հաշտ աչքով չի դիտուիր Արեւմուտքին կողմէ: Օրէնքին ընդդիմացողները սկսան քարոզել, որ սա ռուսական արեւելում ցոյց տուող բանաձեւ մըն է եւ մայրաքաղաքը վերածեցին ցոյցերու բեմի: Չմտնենք երկար մեկնաբանութիւններու մէջ, այլ կեդրոնանանք արձագանգներուն վրայ: Արեւմտեան աշխարհը, իր քաղաքական եւ մամլոյ-քարոզչական մեքենաներով, լայն արձագանգ եւ զօրավիգ կը հանդիսանայ իշխանութեան դէմ ցոյցերուն, կը պահանջէ օրէնքին չեղարկումը: Ինչո՞ւ, քանզի անոր մէջ կը տեսնէ «ռուսերուն ի նպաստ բոյր» մը: Հայաստանի մէջ, իշխանութեան մեքենաները աղաղակող բռնարարքներ կը գործադրեն, ժողովրդավարութիւնն ու արդարութիւնը ամէն քայլափոխի ոստատակ կ’ըլլայ, սակայն «քաղաքակի՜րթ եւ ժողովրդավարութեան դրօշակի՜ր» Արեւմուտքը կոյր ու խուլ կը մնայ: Ընդդիմադիր երեսփոխանները բազում խաղքութիւնները ցուցահանող յուշագիր կը յղեն արեւմուտքցի դեսպաններու: նմանապէս ո՛չ մէկ շօշափելի արձագանգ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իշխանախումբը քայլ առ քայլ կը հետեւի իր թելադրած՝ հակառուս վարքագիծին: Մեր նպատակը Ռուսիոյ ի նպաստ կամ անոր դէմ դիրքորոշուելու ընտրանքները քննարկել չէ, այլ ԲԱՆ ՄԸ ցուցահանել:

Գ. Ուքրայինայի քանդումը կը շարունակուի աւելի քան երկու տարի եւ երկու ամիսէ ի վեր: Արեւմուտքը հսկայածաւալ զէնք եւ նիւթական օժանդակութիւն կը հոսեցնէ դէպի Ուքրայինա, որովհետեւ ան ալ լիարժէքօրէն լծուած է հակառուս արշաւին: Հայաստանի նոյնիմաստ պատրաստակամութիւնը հազիւ թէ փշրանքներու արժանի կը դարձնէ մեր հայրենիքը. յստակօրէն կ’ըսեն մեզի, թէ իրենց նպատակը ո՛չ Հայաստանը պաշտպանելն է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ (զարմանալի պիտի ըլլար՝ եթէ նման բան մտածէին, այսինքն՝ Հայաստանը պաշտպանել իրենց… դաշնակիցին եւ շահակիցին դէմ), այլ հիմնական նպատակն է «ռուսերուն ոտքը կտրել Կովկասէն», ի՛նչ գին ալ վճարելու ըլլայ Հայաստան (Ուքրայինայի վճարածին հաշիւները կը ծանրանան օրէ օր): Չէ՜, չեն մոռնար մեզի զինական օժանդակութիւն խոստանալ: Կայ «ոչ-մահացու զէնք»-ի խոստումը, քանի մը հատ ալ՝ ցուցարարները ճնշելու համար օգտագործելի զրահապատ կառք: Չմոռնանք… հեռադիտակներով օժտուած դէտերը:

Դ. Իսրայէլ կը շարունակէ պաղեստինցիները ջարդել, Նեթանիահու կը սպառնայ հիմնայատակ կործանել նաեւ Ռաֆահը, որ ապաստարան դարձած է բազմահազար գաղթականներու, անտուն մնացած կազացիներու: Ուաշինկթըն իբրեւ թէ զգուշացման կոչ կ’ընէ Նեթանիահուի, միւս կողմէ, օժանդակութեան նոր ծրարներ կը քուէարկուին խորհրդարանին մէջ (նաեւ ի նպաստ Ուքրայինայի եւ Թայուանի, այդ ալ այն պահուն, երբ Պլինքըն Չինաստան գացեր է, պահանջելու որ – չծիծաղի՜ք – Չինաստան չնպաստէ Ռուսիոյ…): Նեթանիահու անպատիժ ու անսանձելի կը մնայ, ինչպէս որ անպատիժ են ու անսանձելի՝ Թուրքիա եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ազրպէյճան:

***

Այս սիւնակը խորագրեցինք «Նոյն ստորագրութիւնը»: Կրնանք նմանօրինակ դրուագներու ցանկը երկարել: Ընթերցողս վստա՛հաբար հասկցած է, թէ ինչու նոյն խորագիրին տակ հաւաքեցինք այս դրուագները:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles