ԶՈՄՊԻԱՑՄԱՆ ԴԷՄ. ԳԻՏՆԱԼ  ԸՆԵԼԻՔ ԵՒ  ՉԸՆԵԼԻՔ

0 0
Read Time:5 Minute, 57 Second

Յ. Պալեան

            Փաստ է. զանազան ճառերէ եւ տպաւորիչ անուանումներով ժողովներէ առաջ եւ վերջ, կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն անունով երկիր մը եւ կայ Սփիւռք կոչուած միգամած մը: Երկուորեակ հայութիւն, մէկի պէս: Այսպէս կը հաւատանք: Այդպէս սորվեցուցին: «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ըսել մեղանչում է, քանի որ այդ անունով տարածքը միայն ՊԱՏՄԱԿԱՆ  է:

            Տարբերութիւններ աճեցուցինք եւ այդպէս ալ կը շարունակենք:

            Ոչ ոք կրցաւ սահմանել, ազգի ըմբռնումի տեսանկիւնէ, թէ, ի՞նչ է Հայաստան Հանրապետութիւնը Սփիւռք(ներ)ի համար, ի՞նչ է Սփիւռք(ներ)ը Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Պետութիւն եւ բազմագոյն սփիւռքներ այս հարցումը չուղղեցին իրենք իրենց, որպէսզի գիտնային թէ ո՞ւր կ’երթան եւ ո՞ւր կը տանին ԱԶԳը, որ ի Հանրապետութիւն, Սփիւռք(ներ) եւ անտեսուած-մոռցուած ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ:        Խօսքի սանձարձակ առատութիւն կայ: Մէկ չենք, մէկ ըլլալու համար անոր իրաւ եւ հիմնաւոր ցանկութիւնը պէտք է ունենալ: Եթէ ԸՆԵԼՈՒ եւ  ԸԼԼԱԼՈՒ հասարակաց տեսիլք եւ կամք չկան, ՄԷԿ չենք ըլլար, կ’ըլլանք բազմաթիւ եւ կը  կոտորակուինք: Մեծ տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կայ ճամբու աւարտին:

             Ընել՝ միշտ ծրագիր է, կամ ցնորք, թուղթի վրայ կամ եթերի մէջ, եթէ անոր հունով յայտնուող յանձնառութիւն եւ յանձնառուներ չկան, որոնց հանդիպումէն կը ծնի ԳՈՐԾը, պարզ ըմբռնումով՝ ընելիքը, որ յոգնակի է  իր բովանդակութեամբ, երբ ան կը վերաբերի ընկերութեան, այս պարագային՝ հայ ժողովուրդին, որպէս Ազգի եւ Հայրենիքի: Անոնց նկատմամբ հրամայական ընելիքներ կան:

            Ո՞վ եւ ի՞նչ միացնող ծրագիր ունի, անոնց համար, եւ ինչպիսի յանձնառութիւն, որպէսզի անոնց մասին ըսուածը օդէն կախսուած չմնայ: Երբ յստակութիւն չկայ, կը խարխափենք: Միշտ կրնանք ցանկութիւններ ունենալ եւ տեսութիւններ մշակել, համացանցի պատուհանին վրայ անոնց խաղը սարքել: Յետոյ ի՞նչ:

            Արտաքին ուժերու դէմ  անզօրութեան դիրքի մէջ ենք եւ  զիրար կը կտցենք:

            Եթէ գիտակցական հրաշքով մը Սփիւռք(ներ)ը դադրէր Հայաստան Հանրապետութիւնը եւ բռնագրաւեալ Հայաստանը կարօտի, յուզման, բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջային հանդէսի բեմ համարել է, քանի որ անոնց տէր չէ, տէր ըլլալու իրաւունք չունի, եւ Հայաստան Հանրապետութիւնը Սփիւռք(ներ)ը նուագարանի թրթռացման կամ «Ամերիկայի հարուստ հօրեղբայր» համարելէ, իրատեսական մէկութիւն կը նուաճէինք, բացասականութիւնները կը գերանցէինք, տուայտելով չէինք երազեր եւ չէինք աւաղեր, ազգ եւ հայրենիք կը պահէինք:

            Այսօր քաղաքական իմաստութիւն եւ Ազգի հիմնական վարքագիծ պէտք է ըլլան ԸՆԵԼԻՔԸ ԵՒ ՉԸՆԵԼԻՔԸ ԳԻՏՆԱԼ, (ԳԻՏՑԱԾ ԸԼԼԱՅԻՆՔ), եւ ըստ այնմ առաջնորդել ու առաջանորդուիլ: Եթէ այս ըմբռնումով գործած ըլլայինք, կը կանխէինք եւ կը կասեցնէինք սփիւռքացումը եւ անոր ինքնաբազմապատկումը, ընթացք՝ որ կը նմանի տակառ մը մելան ովկիանոսին մէջ թափելու եւ ապա ովկիանոսի ջուրին մէջ թաթխելու գրիչը եւ հայրենասիրական    անտես եւ անլսելի քաղաքական ճառ գրելու: Ազգը տեղ չհասցնելու դատապարտուած այս խաղը պէտք է կասեցնել,- կրնա՞նք,- եւ վերջ տալ համաշխարհային ազգի սնափառական աղէտին, որ ազգը չքացման կը տանի:

            Հայրենահանում եւ սփիւռքացում ազգին համար հաւասարապէս գոյութենական աղէտ են, քանի որ հայրենիք տարածքը կը դատապարտեն անտիրութեան եւ ազգը՝ նուաղման: Այդպէս է ճակատագիրը ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հետեւանքով հայաթափուած հայաշխարհին, զոր թուղթ տրորող փուճ գիտունի պէս կը կոչենք Պատմական Հայաստան, այսինքն մոռցուելու դատապարտուած: Արդիւնքը եղած է եւ է Սփիւռքը: Այսինքն՝ կորածի յիշատակ, խօսք եւ պատկեր:

            Հայ քաղաքական միտքը, ապագայատեսական  իրաւութեամբ չ’առաջնորդուիր գնահատելու համար յարաճուն ՍՓԻՒՌՔԱՑՈՒՄը, որ ոչ մէկ պարագայի ազգապահպան եւ հայրենապահպան է եւ չի կրնար ըլլալ, պիտի չըլլայ, քանի որ ան ՄԷԿ չէ,  դատապարտուած է բազմապատիկ մանրացման: Հանրապետութեան մէջ եւ անկէ դուրս, կացութիւնը որպէս ազգի  աղէտ չի դիմաւորուիր, անմիջականը, անհատականը եւ մասնակին կանոն են: Հայրենիք կ’երգենք, կարծէք ան բանաստեղծի պայծառ գիշերներու երկնակամարին վրայ դաջուած «Լուսնակ»-ը ըլլար:

            Ազգին համար ի՞նչ հեռանկար կրնայ ունենալ տեւաբար բազմապատկուող Սփիւռքացումը: Ճիշդ պատասխան տալու համար պէտք է դադրիլ բացառութիւններով մտածելէ:

            ՍՓԻՒՌՔ-ԱԶԳը միայն ժամանակաւոր ընկերամշակութային կրկներեւոյթ է, միրաժ, անոր ինքնահաստատման քաղաքական հեռանկարի իմաստը հայրենիքն է, զոր սփիւռքի սովորական դարձած եւ անվաղորդայն ըլլալու դատապարտուած համայնքներուն հետ պէտք չէ շփոթել:

            Հայրենիքի առեւանգման հետեւեցաւ զանգուածային գաղթականութիւն, զոր նուազ ցաւցնող դարձնելու համար կոչեցինք համայնքներ, ապա՝ Սփիւռք, միամտութեամբ հաւատացինք եւ կը հաւատանք, որ ան այս կամ ձեւով ազգային շարունակութիւն պիտի ըլլայ կամ է, երբ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ան ժամանակի աւերին պիտի չդիմանայ, եւ պիտի յառաջանան ԱԶԳէն հեռացած ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀԱՅԵՐՈՒ  հաւաքականութիւններ: Միամիտ պէտք չէ ըլլալ եւ ամբոխավարական ճառ ու աղմուկ իրականութիւն չհամարել: Հասնումի հասցէն նոյնը պիտի ըլլայ հայրենահանուածներու եւ հայրենիք լքածներու ՍՓԻՒՌՔ(ներ)ին, մշակոյթներու եւ բարքերու գլանը զանոնք պիտի հարթէ եւ այլացնէ: Ժամանակի հարց է:

            Միթէ՞ բացատրութեան կը կարօտի այն, որ սփիւռքացածներու բնակավայրերու քաղաքացիութիւնները եւ ծննդավայրերը անհատական բնոյթ ունին, հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն գոյութիւնը չեն երաշխաւորեր: Քամչաթքա կամ այդպէս տեղեր բնակելով հայրենատիրութեան հանդէս խաղալ անհեթեթ է: Ազգ ըլլալու եւ մնալու համար հայրենատէր ժողովուրդով բնակուած հայրենիք-տարածք պէտք է: Այս ազգային-քաղաքական հիմնահարց է, ըստ որուն պէտք է դիրքորոշուիլ եւ առաջնորդել:

            Այս ըմբռնումը օրակա՞րգ է Հանրապետութեան, տեւաբար յոգնակիացող Սփիւռքի եւ անոնց փուչիկ դարձող էսթէպլիշմընթներուն համար, որոնք բնական եւ ընդունելի, նոյնիսկ ցանկալի կը համարեն սփիւռքացումը:

            Առաջին հերթին պէտք է խօսիլ Պետութեան պատասխանատուութեան մասին, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի տարածքի բնակեցման, հեռանկար ունենալով ազգի միացումը, շարունակութիւնը եւ ուրոյն ինքնութեամբ գոյատեւումը: Առանց բնակեցման, ազգի ինքնութեան երաշխիք հայրենիքը կը դառնայ պատմական: Այդ ընելու համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլար, եւ է, աղէտ-արտագաղթի կասեցումը: Միլիոնաւոր մարդիկ երբ կ’արտագաղթեն, անոնց նկատմամբ բարոյախօական եւ հայրենասիրական մեղադրանքները դատարկաբանութիւն են: Պէտք է խօսիլ նոյնինքն Պետութեան թերացման մասին, նաեւ անոնց՝ որոնք ազգային հաւաքականութիւնները առաջնորդելու յաւակնութիւն ունին: Հայրենադարձութեամբ զարգացում, միացում եւ հզօրութիւն ստեղծելու քաղաքականութիւն չհետապնդեց պետութիւնը, հայրենիքի եւ ազգի հզօրացում անտեսուեցան, օրակարգ եւ նպատակ չեղան նաեւ սփիւռքի բազմագոյն ղեկավարութիւններուն համար: Ո՞վ, ո՞ւր եւ ի՞նչ ըրաւ արտագաղթը կասեցնելու եւ հայրենադարձութիւն իրականացնելու համար: Հիմնադրամը ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչ կ’ընէ արտագաղթողները երկրին մէջ պահելու եւ բնակեցումով զայն զօրացնելու համար:

            Սփիւռքի կազմակերպութիւններ քանի՞ հոգիով աւելցուցին երկրի բնակչութիւնը, որ հիմնական է ինքնապաշտպանութեան, ինքնաբաւութեան, տոկալու եւ տեւելու երաշխիք:

            Քաղաքական-գաղափարական քննադատութեամբ հրաապարակ չեկանք ներգաղթի ձախողութեան հարցով, այդ քննադատութեան բացակայութիւնը պատճառ եղաւ, որ յետ վերանկախացում շրջանի հայրենադարձները եւս միանան արտագաղթի հոսանքին:

            Այսօր համազգային առաջնահերթ օրակարգ պէտք է  ըլլայ հայրանատիրական      առաջադրանքով հայրենադարձութիւնը, ներդրումները ուղղելով այդ նպատակին, միշտ մտածելով բնակչութիւններու տեղաշարժի բացասական հետեւանքներու մասին: Այս համազգային օրակարգ պէտք է ըլլայ եւ չէ: Ապագային ոչ մէկ ձեւով կրնանք արդարանալ պատմութեան առջեւ, ըսելով՝ որ չհասկցանք, չտեսանք: Այսօ՛ր պէտք է ստանձնել պատասխանատուութիւնները եւ ճիշդ ուղղութիւն տալ ղեկին: Ի հարկէ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը: Ունենալ բնակեցման հեռանկարային քաղաքականութիւն, եւ չգոհանալ ցուցադրութիւններով, շաուներով, երթալ-գալով:

            Եւ իրականացնել Հայրենիքի եւ Ազգի գոյատեւման անշրջանցելի նախապայման հայրենակերտումը, որպէսզի հայրենի տարածքները ըլլան ապրելու երկիր,  որ կ’ըլլայ մարդոցմով, բնակեցումով:

            Ինչո՞ւ ՍՓԻՒՌՔՈՎ ՉԲՆԱԿԵՑՆԵԼ ԵՐԿԻՐԸ, ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ՍՏՈՅԳ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄՐԱՆՔԸ, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, մեր ԳԵՆԵՖՈՆՏը,եւ չծառայենք ուրիշի համրանքի լրացման:

            Կ’ունենա՞նք անմիջականէն անդին նայելու ազգային քաղաքական իմաստութիւն: Ընդհանրապէս՝ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ: Հարցում ուղղուած ներսի եւ դուրսի բոլոր հանգամանաւորներուն:

            Որպէսզի երբ պատմութեան  գնացքը անցնի, չմնանք քարափին՝սպասելով յաջորդը:

            Կ’աւաղենք բռնագրաւեալ     Հայաստանի համար, կուլ կու տանք Պատմական Հայաստան բանի չծառայող դատարկաբանութիւնը: Արցախը կորսնցուցինք, ըսինք ուժ չունէինք: Եթէ Հայաստանի Հողակտոր Հանրապետութիւնն ալ կորսնցնենք, պիտի ըսե՞նք, որ պատճառը քաղքենիացումը եւ սպառողական ընկերութիւնն էին: Եւ ոչինչ մեզ պիտի խանգարէ:

            Շաբաթավերջերուն պիտի երգենք, պարենք եւ յիշենք: Բայց ի՞նչ պիտի կտակենք գալիք սերունդներուն, անոնք մեզ ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի յիշեն:

            Ի դէպ, ինչպէ՞ս կը կոչեն անհայրենիքը եւ անինքնութիւնը, նոյնիսկ երբ կուշտ է, ապարանքի տէր է եւ դրամատան մէջ երազ երաշխաւորող մեծ թուանշաններով գումար ունի:

            Այդպէ՞ս պիտի ըլլանք, որ օր մը ազգն ալ կոչուի պատմական:

            Երբ հայելիին մէջ նայինք, մենք մեզ որպէս ի՞նչ պիտի ճանչնանք, մեզ որպէս ի՞նչ պիտի ճանչնան:

            Մտածե՞նք, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլան զոմպի ժողովուրդը, զոմպի հայրենիքը, զոմպիական մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը:

          Այսօր ապրիլ 24 է: Ի միջի այլոց օ՞ր մը, թէ՞ մարդկութիւնը շնչահեղձ չընող յիշողութիւն:

            Ի՞նչ ընել պատմութեան զոմպի չդառնալու համար:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
100 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles