Հալէպահայութեան Ջահերթը

0 0
Read Time:2 Minute, 11 Second
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»)․-  Կիրակի, Ապրիլ 21-ին, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը միասնական շարքերով, ժողովրդային ջահերթով ոգեկոչեց Հայոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-րդ տարելիցը եւ մէկէ աւելի սերունդներ, յատկապէս երիտասարդական միութիւններ ներկայացնող խումբերով քալեց Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն դէպի Ազգային Գերեզմանատուն՝ իր յարգանքը մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն եւ յիշելու, պահանջելու իր ուխտը վերանորոգելով։
Ջա­հեր­թը կազ­մա­կեր­պած էր Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը: Անոր կը մաս­նակ­ցէ­ին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բեր­իոյ Թե­մի Կա­թո­ղի­կէ Հայոց Առաջ­նորդ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, Հ․Հ․ Հալէպի Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, Հ․Հ․ Մարդասիրական Խումբի պատասխանատու, գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխաններ, հոգեւոր հայրեր, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, Ազգային իշխա­նու­թեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական միութիւններու, ներկայացուցիչներ ու հա­րիւ­րա­ւոր հալէպահայեր։
Ջահեր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի հանրապետութեանց զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը։
Յա­ջոր­դա­բար ջա­հե­րով տո­ղան­ցե­ցին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան շար­քե­րը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, «Քրիստափոր» Ուսանողական Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ու «Հա­մազ­գա­յի­ն»-ի, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի եւ Ազգային Քա­րէն Եփ­փէ Ճեմարանի Միութեան անդամները, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական առաքելութեան խումբը, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օր­ուան կար­գա­խօ­սը պար­զող եւ Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ու ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով:
Ազգային գե­րեզ­մա­նա­տան մուտ­քին փո­ղե­րա­խում­բը հն­չե­ցուց Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րը:
Գերեզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915-ին նահատակուած մտաւորականներու պատկերները, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։
Գեղարուեստական կարճ յայտագիրէ մը ետք օրուան պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։
Այնուհետեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րին առ­ջեւ զե­տեղ­ուե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ, ապա հայ հո­գե­ւոր պե­տերը եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար բոցավա­ռե­ցին յու­շա­քա­րին մօտ գտ­նուող ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջա­հը։
Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles