Մայիս 26-ը`Հանրահաւաքի Օր

0 0
Read Time:1 Minute, 29 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ ներկայացուցած է «Տաւուշը հայրենիքի համար» շարժման կողմէ Մայիս 18-ին քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, մշակութային գործիչներու եւ նախկին սպայակազմի հետ ունեցած հանդիպումներու արդիւնքները եւ խօսած է յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ ընելիքներուն մասին:

Քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին անդրադառնալով` Բագրատ սրբազանը նշեց, որ անոնք համախմբումին կողմ են:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ե՞րբ պիտի յայտարարուի շարժման վարչապետի թեկնածուի անունը` ան դարձեալ վերահաստատեց, որ ատոր մասին տակաւին որոշում չկայ, իսկ իր հաւանական թեկնածութեան մասին խօսակցութիւնները քաղաքական կուսակցութիւններու ըմբռնումներն ու ցանկութիւններն են, եւ ատիկա պաշտօնական որոշում չէ: Ան նաեւ շեշտեց, որ այդ հարցով պէտք է հանդիպի Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Բագրատ սրբազանը նշեց, որ արուեստի ու մշակոյթի գործիչներն ալ հանդիպումին ժամանակ տարբեր առաջարկներ ու նախաձեռնութիւններ ներկայացուցած են:

Զինուորականներու հետ փակ հանդիպումին անդրադառնալով` ան ըսաւ. «Մեր պահեստազօրի սպաներն էին, զօրավարները, ճամբայ անցած մարդիկ, որոնք, դժբախտաբար, այս աւերիչ պատերազմէն ետք ե՛ւ հոգեբանական, ե՛ւ այլ կերպով, ինչպէս մեր ժողովուրդը, ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին: Անոնք իրենց պատրաստակամութիւն յայտնած են թէ՛ մասնակից ըլլալու շարժման ընթացքին, թէ՛ նաեւ աւելի մեծ թիւով հաւաքուելու: Այս հանդիպումին 200-է աւելի սպաներ կային` երիտասարդ սերունդէն մինչեւ աւելի աւագները, ինչ որ մեզ որոշակի իմաստով նաեւ յոյս կը ներշնչէ: Մենք բոլորէն խնդրած ենք, որ հայեցակարգեր կազմեն, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնեն զարգացումը իրենց ոլորտներուն մէջ»:

Բագրատ սրբազանը անդրադարձած է քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրին. ան իր զօրակցութիւնը յայտնեց Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինի պահուող Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքական բանտարկեալներուն:

Յառաջիկայ ընելիքներուն մասին խօսելով սրբազանը ըսաւ. «Այս մէկ շաբթուան մէջ մենք տարբեր հանդիպումներ պիտի ունենանք եւ կիրակի, 26 մայիսին, մեր կարեւոր հանրահաւաքն պիտի ըլլայ»: Բագրատ սրբազանը աւելցուց, որ շարժումը պիտի սկսի յստակ նախաձեռնութիւններու իրականացումը: Սրբազանը նաեւ նշեց, որ իրենք պայքարի ցանկալի արդիւնքին ու նպատակակէտին պիտի հասնին, սակայն` համբերութեամբ զինուած ու կշռադատուած քայլերով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles