Ապրիլ 25-ը Եւ Յեղափոխութիւնը Փորթուկալի Մէջ

1 0
Read Time:3 Minute, 6 Second


Ռազմիկ Փանոսեան

25 Ապրիլ 2024

Լիզպոն

Այսօր Ապրիլ 25 է, եւ Փորթուկալցիները կը նշեն իրենց 1974-ի յեղափոխութեան յիսնամեակը: Յեղափոխութիւն մը որ հիմնականօրէն ձեւափոխած է երկիրը: Շատ մը ձեռնարկներ տեղի կ’ունենան՝ ելոյթներ Խորհրդարանէն ներս, այլ պաշտօնական հանդիսութիւններ, ներկայացումներ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ այլազան վայրերու մէջ, մշակութային միջոցառումներ, համերգներ եւ հանրային հաւաքոյթներ: Ամէն մարդ տօնական տրամադրութեան մէջ է, մեխակներով զարդարուած — խաղաղ յեղափոխութեան խորհրդանիշը:

Միտքս ինքնաբերաբար գնաց «մեր» 2018-ի յեղափոխութեան ու սկսայ մտածել թէ ինչպէս ան պիտի յիշուի յիսուն տարի ետք:

Փորթուկալը եւ Հայաստանը իրարմէ շատ տարբեր են. չեմ խորհիր որ մէկը միւսին օրինակ կրնայ ըլլալ: Երկու ազգերուն իւրայատուկ պատմութիւնները առհասարակ նմանութիւններ չունին. երկու հարիւր տարիէ ի վեր Փորթուկալը իր հողին վրայ պատերազմ չէ տեսած (իր գաղութատիրութեան պատերազմներէն դուրս), 1949-էն ի վեր Հիւսիս-Ատլանտեան (ՆԱԹՕ) դաշինքի անդամ է, Եւրոպական Միութեան երկիրներէն մէկը, սահմանակից է մէկ բարեկամ պետութեան ու բաց դէպի անսահման ովկիանոս մը:

Բայց Փորթուկալի 20-րդ դարու պատմութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ եղած: 1974-ին արեւմտեան եւրոպայի ամենէ աղքատ երկիրն էր: Բնակչութեան մէկ քառորդը գրել ու կարդալ չէր գիտեր: Չափազանց պահպանողական բռնապետութիւն մը երկիրը կը կառավարեր բիրտ ուժով: Բանակը գաղութատիրական պատերազմներ կը մղեր Ափրիկէի մէջ եւ այլուր: Եկեղեցին մենատիրութիւնը կ’արդարացներ, ու մի քանի ընտանիքներ կը տիրապետէին երկրին հարստութեան: Մէկ միլիոն քաղաքացիներ արտագաղթած էին երկրէն տնտեսական եւ քաղաքական ծանր կացութեան պատճառով:

Յիսուն տարի ետք, երբ կը դիտէի հարիւր հազարաւոր մարդոց տողանցքը «Ազատութիւն» պողոտայէն վար, յեղափոխութիւնը տօնելու զուարճանքով (ես ալ մէջերնին), երեք յատկանշական կէտեր միտքէս անցան:

Առաջինը՝ ընդհանուր համաձայնութիւնը փորթուկալական հասարակութեան մէջ, որ Ապրիլ 25-ի յեղափոխութիւնը դրական երեւոյթ մըն է որովհետեւ ան առաջնորդեց երկրին  արդիականացման, ժողովրդավար հիմքերու կառուցման, ընդհանուր զարգացման եւ աշխարհին հետ առնչուելու ընթացքին: Յեղափոխութիւնը փորթուկալցիները կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ:

Երկրորդը՝ երկրին գլխաւոր քաղաքական ուժերը համաձայն են Փորթուկալի հիմնական ուղղութեան եւ պետական ռազմավարութեան. Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութիւն, շուկայական տնտեսութիւն, ժողովրդավար համակարգ, եւ երկրին կարողութիւններուն ճիշտ գնահատումը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Կարեւոր կուսակցութիւնները կը գործակցին, ըստ պէտքի, կառավարութիւն կազմելու գործին մէջ, մանաւանդ երբ որեւէ կուսակցութիւն բացարձակ մեծամասնութեամբ չէ ընտրուած: 1974-էն ի վեր Փորթուկալը կառավարուած է մեղմ աջակողմեան կամ մեղմ ձախակողմեան կառավարութիւններու կողմէ, շատ անգամ դաշնակցաբար: Սակայն այս գործակցութեան վրայ հիմնուած ընթացքը ներկայիս հարցման նշանի տակ դրուած է նոր ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան մը կողմէ, որ Մարտ ամսուայ ազգային ժողովի ընտրութիւններուն երրորդ տեղը գրաւեց: Բայց ընդհանուր քաղաքական մշակոյթը  տակաւին արժէք կու տայ չափաւորութեան, հանդուրժողականութեան եւ կը մերժէ բեւեռացումն ու ծայրայեղութիւնը:

Երրորդը՝ Փորթուկալի հասարակայնութիւնը հին յոյներու Յանոս չաստուածին նման է՝ մէկ երեսը առջեւ կը նայի իսկ միւսը՝ ետեւ։ Աւանդութեան կառչած բայց առանց նորը եւ այժմէականը մերժելու: Այս երկուութիւնը կ’երեւի Լիզպոնի ճարտարապետութեան մէջ, աշխոյժ մշակութային ստեղծագործութեան մէջ ու բազմապատիկ նոր ճաշարաններու  ճաշացուցակներուն մէջ: Բացուիլ աշխարհին եւ միեւնոյն ժամանակ սերտօրէն կապուած մնալ պատմական եւ մշակութային արմատներուն — դժուար է պահել այս հաւասարակշռութիւնը, զոր փորթուկալցիները յաջողած են պահպանել մինչեւ հիմա: Դէպի ներս նայուածքը կը տատանի դէպի դուրսին հետ, ազգայնականութիւնը բարեխառնուած ու մեղմացուած է հանդուրժողութեամբ, ու անցեալը շաղուած է (անշուշտ՝ ընտրովի) ապագային հետ:

Սա չի նշանակեր, որ Փորթուկալը կատարեալ երկիր մըն է: Ունի կաշառակեր քաղաքական գործիչներ, անճարակ պաշտօնակալութիւն, տնտեսական հարցեր, առողջապահական համակարգ մը որ կարեւոր բարելաւումներու պէտք ունի, եւ ծայրայեղ ժողովրդապաշտ քաղաքական հոսանք մը որ նոր թափ առած է: Բայց Ապրիլ 25-ին, բոլոր փորթուկալցիները քով-քովի եկան եւ տօնեցին իրենց յեղափոխութիւնը. պատուեցին հերոսները, հաստատեցին իրենց հաւատքը ժողովրդավարութեան հանդէպ եւ նայուածքնին շեղեցին դէպի ապագայ:

Արդեօք մենք՝ հայերս ինչպէ՞ս պիտի յիշենք 2018-ի յեղափոխութիւնը 50 տարի ետք, եթէ զայն երբեւիցէ պիտի յիշենք:

Ի դէպ, Փորթուկալն ալ սահմանային վէճ մը ունի Սպանիոյ հետ որ դարերէ ի վեր կը շարունակուի: Սահմանին մէկ փոքր մասը չէ սահմանագծուած: Բայց հարց մը չէ, որովհետեւ երկու երկիրներն ալ Եւրոմիութեան մաս կը կազմեն ու իրենց սահմանները բոլորովին բաց են: Վէճը վերածուած է անկարեւոր դրուակի մը, լուսանցքային պատմական ծանօթագրութեան մը, որ որեւէ քաղաքական հետեւանք չունի:

Ո՛չ, Փորթուկալը օրինակ մը չէ Հայաստանի համար, բայց տարբեր իրականութեան մը արտացոլումը:

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles