ՓՈԽԱՆ ԶԷՆՔԻ՝ ՍԻՒՆՔ ԻՒՐԵԱՆՑ․․․

1 0
Read Time:2 Minute, 41 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

«Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»: (Քաջերու սահմանները իրենց զէնքի ուժին մէջ են):

Այս պատմական խօսքին հեղինակը մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին (410-480) է, որ վստահաբար ապշահար՝ ափ ի բերան պիտի մնար ի տես Հայաստանի այս օրերու ողբերգական իրադարձութիւններուն:

Քաջերը ամէն գնով հեռու կը պահուին սահմաններէն. իր պաշտպանական կարողութիւնը յատկապէս Տաւուշի մէջ փաստած բանակը կը հեռացուի սահմանէն, իսկ զէնքերն ալ կը փոխարինուին… սիւներով։

Խորենացին, որ գրած է կոթողային «Պատմութիւն Հայոց» երկը, եթէ ապրէր այսօր՝ անկասկած որ ներկայ իրավիճակն ալ պիտի ներմուծէր այդ գիրքի եզրափակիչ բաժինին՝ «Ողբ»-ին մէջ։

Հռչակաւոր պատմահայրը մեզմէ աւելի քան 1600 տարի առաջ կը նկարագրէ Հայաստանի պետականութեան վերացման հետեւանքները, երբ հայ իրականութեան մէջ ծաւալ ստացաւ քաղաքական անկումը՝ ազգային եւ հասարակական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, բարոյալքութիւնը համակեց շատերը, վատթարացնելով վիճակը:

Զգացական ու ազդեցիկ են Խորենացիի խօսքերը։ Ան դառն մորմոքով եւ թախիծով կը ներկայացնէ երկրին այդ օրերու վիճակը։ Ան ողբի արտայայտութիւններով կը տեղեկացնէ, թէ տուները կը թալանուին, ունեցուածքներ կը կողոպտուին, մարդիկ կը շղթայուին, կը բանտարկուին եւ  անշուշտ կ՛աքսորուին։ Ան կը շեշտէ, թէ չկայ ազգը առաջնորդելու ընդունակ գործիչ եւ երկիրը ինկած է չար ու դաժան թշնամիներու ձեռքը։

«Ողբում եմ քեզ, Հայոց աշխա՛րհ, ողբում եմ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերի մէջ վեհագո՛յնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ, վրդովուեց խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտուեց ուղղափառութիւնը, տգիտութեամբ հաստատուեց չարափառութիւնը», կը գրէ Խորենացի՝ «Ողբ»-ի առաջին տողերուն մէջ:

Այսօ՞ր…:

Չկայ տրամաբանական սահմանի գծում եւ դասաւորում, ո՛չ ալ այդ առաքելութիւնը յանձն առնող՝ տրամաբանելու կարող անձ(եր)։ Յստակ չէ, թէ Հայաստան ի՞նչ քարտէսներու հիմամբ չորս գիւղեր եւս պիտի ձօնէ Ատրպէյճանին, այս անգամ հարաւի փոխարէն հիւսիսային Տաւուշի սահմանամերձ շրջանէն։ Շուկային մէջ բազմաթիւ են քարտէսները:

Եւ ահա՝ տգեղ ու տժգոյն, մերկ ու սպիտակ սիւներ, որոնց վրայ երկու երկիրներուն կրճատուած  անունները տեղադրուած են. եւ սա կը կոչուի սահմանազատում։

Որքա՜ն տձեւ ու անհրապոյր են այդ սիւները, որոնք օր ըստ օրէ կը բազմանան։ Որքա՜ն այլանդակ են մանաւանդ այս նոր նուիրաբերումին գտած արձագանգները՝ Ատրպէյճանի  մէջ, ուր Փաշինեանը կ’ողջունեն իբրեւ հերոս:

Թէ արդարադատութեան նախարարութիւնը ի՞նչ պայմաններու տակ կամ ի՞նչ հիմունքով լիազօրութիւն ստացած կամ տուած է այս հողանուէր արարողութեան՝ կը մնայ անյայտ ու անլոյծ։ Ամօթալին այն է, թէ որոշուած է այս սահմանազատման հարցը աւարտին հասցնել, մինչեւ յառաջիկայ Յուլիսի սկիզբը։

Բա՜յց…  Եկէ՛ք, չտարուինք ենթադրութիւններով: Յստակ չէ՞, թէ ո՛վ է լիազօրողը։ Ժողովուրդէն գաղտնի, բանաւոր ու գրաւոր համաձայնութիւններ գոյացուած են Ալիեւի հետ եւ քայլ առ քայլ կը գործադրուին անոր հրամանները: Իսկ այդ հրամանները սկիզբ ունին, վերջ չունին:

Վերադառնանք Խորենացիին, որ «Ողբ»-ին մէջ կը գրէ. «…Մեզ տիրել են խստասիրտ ու չար թագաւորներ,որոնք ծանր ու դժուարակիր բեռներ են բարձում, անտանելի հրամաններ տալիս…»։

Այսօր, պատմութիւնը կը կրկնուի այլ տարազով. Պատմահօր գրածներէն աւելի քան 1600 տարի ետք, թագաւորը փոխարինուած է վարչապետով, իսկ թէ զայն որքանո՞վ կարելի է դեռ «ազգընտիր» որակել՝ արդէն հարցականի տակ ալ չէ, որովհետեւ ժողովուրդին աւելի քան 90 առ հարիւրը (մօտաւորապէս այն համեմատութիւնը, որ ատենին քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան վերահաստատման), դադրած է անոր քաղաքականութեան վստահելէ:

Իսկ եթէ տակաւին հարց տուողներ կը մնան Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի՝ պատասխանը, ամենայն պաղարիւնութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կու տայ Տաւուշի թեմի քաջարի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեանը, որ  Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ղեւոնդ Երէցի ուղիով կը շարունակէ իր հայրենապաշտպան գործը, մեծ աջակցութիւն եւ ժողովրդականութիւն վայելելով։ Անոր ու հետեւորդներուն համար, երբե՛ք կարելի չէ աղաւաղել Խորենացիի պատմական խօսքը․ «Սահմանք քաջաց՝ զէնն իւրեանց»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
33 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
67 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles