«Հայաստանը Շատոնց ՆԱԹՕ-ի Գործընկերն Է», Կը Յայտնէ Սթոլթընպերկ

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second

ԵՐԵՒԱՆ.- ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկը այցեոլեց Հայաստան եւ բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցաւ: Վարչապետ Փաշինեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին, ան յայտնեց.- «Հայաստանը շատոնց ՆԱԹՕ-ի գործընկերն է: Դրական կը գնահատեմ ձեր ներդրումը ՆԱԹՕ-ի առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն: Մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան կարեւորութիւնը, անիկա կարեւոր է եւրոատլանտեան անվտանգութեան համար, որովհետեւ հիմա կանգնած ենք աւելի վտանգաւոր աշխարհի առջեւ: Այսօր Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կարելիութիւն ունին տեւական խաղաղութեան հասնելու երկարատեւ տագնապէ ետք, երկու երկիրներուն կոչ կ՛ուղղեմ հասնելու համաձայնութեան, որ ուղի պիտի հարթէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար»:

Ան նաեւ աւելցուց, որ ՆԱԹՕ-ն կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ խաղաղութեան ձգտումներուն:

«Ես կ՛ողջունեմ ձեր համերաշխութիւնը Ուքրայինայի հետ եւ մեր գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղեմ, որ կարելի ամէն բան ընեն, որ Փութին չի յաղթէ իր պատերազմին մէջ: Մարտադաշտին մէջ կացութիւնը կը մնայ ծանր, եւ ճիշդ ատոր համար պէտք է աւելցնենք մեր աջակցութիւնը», նշեց ան:

Փաշինեան իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ակնկալենք միջազգային ընտանիքի, ներառեալ ՆԱԹՕ-ի հաստատակամ աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ հարկադրանքի եւ սպառնալիքի քաղաքականութեան մերժման: Ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուցած եմ նաեւ 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան սահմանագիծէն զօրքերու հայելային ետքաշման, սպառազինութիւններու փոխադարձ վերահսկման, չյարձակելու մասին համաձայնագիրի ստորագրման առաջարկները, որոնք մինչեւ օրս դրական արձագանգ չեն ստացած Պաքուէն: Մենք հաւատարիմ ենք նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին: Թուրքիոյ հետ 2022-ին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումը կրնայ դրական ազդել հարաւկովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման վրայ: Առիթ ունեցած ենք նաեւ անդրադառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու բարեփոխումներու օրակարգին, ընդգծած եմ, որ այս հոլովոյթը ուղղուած չէ որեւէ պետութեան դէմ եւ միտուած է բարձրացնելու զինեալ ուժերու պաշտպանական կարողութիւնները` ապահովելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը: Յոյսով ենք, որ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան նոր ձեւաչափը, անհատապէս յարմարցուած գործընկերութեան ծրագիրը շուտով պիտի հաստատուի»:

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին եզրակացուց, որ խաղաղութիւնը չափազանց կարեւոր է շրջանի մարդոց եւ երկիրներուն համար, սակայն անիկա կարեւոր է նաեւ սեւծովեան շրջանի եւ հիւսիսատլանտեան անվտանգութեան համար` շեշտելով, որ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կարեւոր են ոչ միայն այստեղ, այլ նաեւ անվտանգային աւելի լայն ծիրի մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles